2012-04-13 11:52:54

<<Սրբազան Քահանայապետը Եւ Եւրոպայի Կամաւորները>>` Հատորին Ներկայացումը։


Ուրբաթ 13 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11ին Քահանայապետական Գոր Ունում բարեսիրական հաստատութեան` Սուրբ Պիոս Ժ-ի պալատաի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ <<Սրբազան Քահանայապետը եւ Եւրոպայի կամաւորները>> հատորին ներկայացումը։ Շնորահանդէսին ներկայ գտնուեցան Գոր Ունում բարեսիրական հաստատութեան նախագահ Կարտինալ Րօպէր Սարա եւ Գարիթաս Ինթէրնացիոնալիսի քարտուղար Միշէլ Րօյ ինչպէս նաեւ Գոր Ունում հաստատութեան քարտուղար գերապայածառ Ճամբիէթրօ Տալ Թոզօ։

<<Սրբազան Քահանայապետը եւ Եւրոպայի կամաւորները>> հատորը կը պարունակէ Սրբազան Քահանայապետի կամաւորներու մասին ունեցած ելոյթները ինչպէս նաեւ անցեալ 2011-ի, <<կամաւորներու եւրոպական տարուայ>> առթիւ, 10 եւ 11 նոյեմբերին վատիկանի մէջ գումարուած հանդիպումի զեկուցումները, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին եւրոպայի կաթողիկէ` Կամաւորական կազմակերպութիւններու պատասխանատու եպիսկոպոսները ։

Այսօրուայ հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան եկեղեցւոյ կամաւորական կազմակերպութիւններու եւ անոնց ապագայի ծրագիրներու գործնթացը։








All the contents on this site are copyrighted ©.